2014-07-11 13:07:36

15-17 Յուլիս` Հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարը


Հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարի քարտուղարութեան տեղեկատութիւն մը կը յայտնէ որ հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարը տեղի պիտի ունենայ Քանաքեռի մէջ, 15-17 յուլիս 2014-ին, առ ի պատրաստութիւն Հռոմի մէջ կայանալիք 2015-ի մեծ համագումարին:
Հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու յանձնախումբի նախագահին նախաձեռնած այս համագումարը կազմակերպուած է ընկերային հաղորդամիջոցներու մասին Վատիկանեան Բ. ժողովի “INTER MIRIFICA” վճիռի յիսնամեակին առթիւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.